2016-04-20 09:58:00

Պենետիկտոս ԺԶ շնորհակալութիւնը` իր տարեդարձին առթիւ իրեն ուղղուած բարեմաղթութիւններուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ծննդեան 89-տարեդարձին առթիւ, որ տօնախմբեց անցեալ 16 Ապրիլին, բազմաթիւ շնորհաւորագրեր ընդունած է եւ այս առթիւ յատուկ երախտագիտութիւն յայտնած է բոլորին անոնց մաղթելով ամէն բարիք ու ապահովեցնելով իր աղօթքը` որպէսզի Ամենաբարին Տէրը լիացնէ ամէնքը իր շնորհքով։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին հակիրճ պատգամը լոյս տեսաւ  ''Joseph Ratzinger'' անուամբ հիմնարկութեան կայքին մէջ։

Յայտնենք թէ ֆրանչիսկոս Պապը եւս Պենետիկտոս ԺԶ-ի տարեդարձին առթիւ Անոր ուղարկած էր իր սրտի խօսքը ու հաւատացեալներէն խնդրած էր որ աղօթեն անոր համար ու շնորհակալութիւն յայտնեն Ամենախնամ Տիրոջ որ իր եկեղեցւոյն ու աշխարհին համար նման իմաստուն ու գիտուն անձնաւորութիւն մը տուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.